Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ցարդ կը շարունակէ հանդէս գալ Հայաստանի դրօշին տակ, «Չեմփիընզ Չես Թուր Ֆայնըլզ»-ի 9-րդ հանգրուանին յաղթեց Ազրպէյճանի զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողներէն Շահրեար Մամետեարովին:
Արագ ճատրակի առցանց այս մրցաշարքին, Արոնեան յաջորդաբար երկու մրցում յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին, նախ սեւ, ապա ճերմակ քարերով, իսկ յաջորդ մրցումը աւարտեց հաւասարութեամբ, այսպիսով տանելով վերջնական յաղթանակը` 2,5-0,5 արդիւնքով:
Նշենք, որ 8-րդ հանգրուանին Արոնեան յաղթեց նաեւ աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընին, 3-1 արդիւնքով:
Արոնեան այս մրցաշարքը աւարտեց երրորդ դիրքին վրայ, մինչ տիտղոսակիր դարձաւ նոյնինքն Քարլսըն: