Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ թենիսի ախոյեանութեան, Լիբանանի 12 տարեկանէն վար աղջկանց ազգային խումբը, գրաւելով խմբակին երկրորդ դիրքը, ապահովեց Ասիոյ թենիսի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, այս մասին յայտնեց Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Լիբանան յաղթեց Իրաքի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ, երեքն ալ` 3-0 արդիւնքով, մինչ նոյն արդիւնքով պարտուեցաւ Իրանէն:
Ասիոյ ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան յառաջիկայ ամիս` Ղազախստանի մէջ: