Աղեքսանդրիոյ մէջ տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Դ. խմբակին մաս կազմող Պէյրութ երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 99-88 արդիւնքով պարտութեան մատնեց պահրէյնեան Մանաման:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պէյրութ թէեւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, սակայն այսօր` երկուշաբթի 4 հոկտեմբերին, յաւելեալ յաղթանակի մը կարիք ունի` գրաւելու համար իր խմբակին պարագլուխի դիրքը, անշուշտ եթէ կարենայ յաղթել քուէյթեան Քուէյթ խումբին:



