Մարզական

Ծանրաբարձութիւն.  – Վարազդատ Լալայեան` 23 Տարեկանէն Վար  Եւրոպայի Ախոյեան Եւ Մրցանշակիր

Ծանրաբարձութիւն. – Վարազդատ Լալայեան` 23 Տարեկանէն Վար Եւրոպայի Ախոյեան Եւ Մրցանշակիր

Հայաստան Իր Ելոյթները Աւարտեց` Գրաւելով Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքը Ֆինլանտայի Ռովանիեմի քաղաքին մէջ երէկ` կիրակի, 3 հոկտեմբերին աւարտած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Լալայեան 109 քկ դասակարգին մէջ ունեցաւ բացառիկ ելոյթ: Եւրոպայի մեծերու ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիրը հանդիսացաւ 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան ախոյեան` բարձրացնելով 447 քկ (206+241) եւ հաստատելով նոր մրցանիշ մը: Հայաստան յաջողեցաւ նաեւ ոսկի մետալի...

Կռփամարտ.  Դաւիթ Աւանեսեան Չորրորդ  Անգամ Ըլլալով Պաշտպանեց Տիտղոսը

Կռփամարտ. Դաւիթ Աւանեսեան Չորրորդ Անգամ Ըլլալով Պաշտպանեց Տիտղոսը

Ռուսահայ Դաւիթ Աւանեսեան, որ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան է, նախորդ շաբաթավերջին յաջողեցաւ չորրորդ անգամ ըլլալով պաշտպանել արհեստավարժ կռփամարտի «Ի. ՊԻ. ԵՈՒ.»-ի վարկածով Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը, 66,68 քկ դասակարգին մէջ: Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած մենամարտին, հայ մարզիկը երկրորդ ռաունտին թեքնիք նաք աութով պարտութեան մատնեց անգլիացի Լիամ Թէյլըրը: Աւանեսեան, որ արհեստավարժ կռփամարտին մէջ իր նորամուտը նշեց 2019-ին,...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականը Կատարեց Իր Առաջին Փորձը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Կատարեց Իր Առաջին Փորձը

Շաբաթ, 2 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց իր առաջին փորձը Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ` պատրաստուելու համար մօտերս տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս փորձին մասնակցեցան միայն Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող ֆութպոլիստները: Հայրենի կազմը այսօր կը մեկնի Ֆրանքֆորթ (Գերմանիա), ուր կը շարունակէ իր նախապատրաստութիւնները: Այդտեղէն հաւաքականը 6 հոկտեմբերին...

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Փորձերուն

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Փորձերուն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ իր փորձերուն` գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորութեամբ: Իսկ երկուշաբթի, 4 հոկտեմբերէն սկսեալ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ հայրենի կազմը պիտի սկսի նախապատրաստուիլ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին` Ը. խմբակին մէջ իրեն մրցակից ունենալով Սերպիան եւ...

«Քալչիօ».  Հենրիխ Մխիթարեան  Կոլի Եւ Էսիսթի Հեղինակ

«Քալչիօ». Հենրիխ Մխիթարեան Կոլի Եւ Էսիսթի Հեղինակ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Էմփոլին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ հռոմեան կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր եւ մրցումին վերջին վայրկեաններուն փոխարինուեցաւ, ունեցաւ բաւական լաւ ելոյթ մը: Հայրենի ֆութպոլիստը, որ կատարեց առաջին կոլին էսիսթը (42-րդ վայրկեանին), Բ. կիսախաղի...

Լափորթա Կ՛ուզէ Պարսելոնա  Հրաւիրել Գերմանացի Մարզիչ Մը

Լափորթա Կ՛ուզէ Պարսելոնա Հրաւիրել Գերմանացի Մարզիչ Մը

«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ քաթալոնական Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը կ՛ուզէ վստահիլ գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտի մը: Նշուեցաւ, որ ան մօտիկ ապագային Պարսելոնա կ՛ուզէ հրաւիրել այժմ Եւրոպայի յառաջատար ակումբները գլխաւորած գերմանացի մարզիչներէն մէկը: Սակայն, անոր կողմէ նկատի չեն առնուած Եուրկըն Քլոփը, Հանս-Տիեթըր Ֆլիքը եւ Թոմաս Թուխելը: Թեկնածուներուն կարգին են Պայէրն Միւնիխի մարզիչ Եուլիան Նակելսմանը եւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի...

«Լա Լիկա».  Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա Պարտուեցան

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա Պարտուեցան

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պարսելոնան, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ֆրանսացի Թոմաս Լեմար նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (22-րդ), մինչ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Լուիս Սուարեզ` մատրիտեան կազմին երկրորդ կոլը (44-րդ): Նշենք, որ այսպիսով Պարսելոնա կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` ախոյեանութեան գծով: Տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը կրեց նաեւ...

Տանիել Սթարիճ Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը  Պիտի Շարունակէ Աւստրալիոյ Մէջ

Տանիել Սթարիճ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Աւստրալիոյ Մէջ

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Տանիել Սթարիճ որոշեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Աւստրալիոյ մէջ` մաս կազմելով տեղւոյն կազմերէն` Փերթ Կլորիումի: Նշուեցաւ, որ 32 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2022: Մարտ 2020-էն ի վեր ան ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակին մէջ է: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է անգլիական շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Լիվըրփուլ,...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Կրեց Տարեշրջանի  Իր Առաջին Պարտութիւնը

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը

Յաջորդական ութ յաղթանակներէ ետք, երէկ` կիրակի, 3 հոկտեմբերին Փարիզ Սեն Ժերմեն կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երբ 2-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Ռեննի դաշտէն: Հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց 45-րդ եւ 46-րդ վայրկեաններուն: Նշենք, որ արժանթինցի մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմէն` Սեն Ժերմենէն իբրեւ հիմնական մարզիկ ներկայացած էին Լիոնել Մեսսի, Նէյմար եւ Քիլիան...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու  Տղոց Ախոյեանութիւն.  Պէյրութ Արձանագրեց  Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու Տղոց Ախոյեանութիւն. Պէյրութ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի ներկայացուցիչ եւ մրցաշարքի գործող ախոյեան` Պէյրութ երէկ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով 12 կէտի տարբերութեամբ` 73-61 արդիւնքով պարտութեան մատնեց քաթարեան Ղարրաֆան: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 18-15, 16-16, 20-19 եւ 19-11: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, լիբանանեան կազմը բաւական կարեւոր քայլ...

Ծանրաբարձութիւն.  Կարէն Աւագեան Հանդիսացաւ  Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Կարէն Աւագեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեան

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Կարէն Աւագեան երէկ հանդիսացաւ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան ախոյեան: Ֆինլանտական Ռովանիեմի քաղաքին մէջ կատարուող Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 89 քկ դասակարգին մէջ, հայրենի ըմբիշը երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով 360 քկ (165 եւ 195), տիրացաւ ոսկի մետալին: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Վրաստանի ներկայացուցիչը, իսկ երրորդ դիրքը` Ռուսիոյ ներկայացուցիչը:  

«Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ն Պիտի Հեռացնէ  Թուրք Իրաւարար Ճիւնէյթ Չաքըրը

«Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ն Պիտի Հեռացնէ Թուրք Իրաւարար Ճիւնէյթ Չաքըրը

Իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ն եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերէն պիտի հեռացնէ թուրք իրաւարար` Ճիւնէյթ Չաքըրը` նկատի ունենալով, որ ան Ա. Սէ. Միլան-Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումին («Չեմփիընզ Լիկ») կատարած էր անթոյլատրելի եւ բաւական կոպիտ սխալներ: Իտալական կազմի գլխաւոր մարզիչ Սթեֆանօ Փիոլի վերոնշեալ մրցումին անդրադառնալով խստօրէն քննադատած էր Չաքըրը` ըսելով, որ անոր մէկ...

ՖԻՏԷ.  Լեւոն Արոնեան Մնաց  5-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Մնաց 5-րդ Դիրքին Վրայ

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷի կողմէ երէկ հրապարակուած միջազգային դասաւորման մէջ մնաց նոյն դիրքին վրայ, ուր որ էր նախորդ ամիս` 5-րդ: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի գործող ախոյեան Մակնուս Քարլսըն: Նշենք, որ առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ: Գաբրիէլ Սարգսեան կը գտնուի 68-րդ դիրքին վրայ, մինչ Հրանդ Մելքումեան կը գրաւէ 96-րդ դիրքը:...

Ռոժերիօ Քապոքլօ 21 Ամիսով  Հեռացուեցաւ Իր Պաշտօնէն

Ռոժերիօ Քապոքլօ 21 Ամիսով Հեռացուեցաւ Իր Պաշտօնէն

Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ կազմակերպութեան նախագահ Ռոժերիօ Քապոքլօ 21 ամիսով հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն` սեռային ոտնձգութիւններու մեղադրանքներու պատճառով: Այս որոշումը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գլխաւոր համագումարին ընթացքին, որուն մաս կը կազմեն նահանգներու ֆետերասիոններու 27 ղեկավարները: 48 տարեկան Քապոքլօ մինչեւ մարտ 2023 չի կրնար պաշտօնավարել: Ապրիլ 2023-ին անոր պիտի փոխարինէ Էտնալտօ Ռոտրիկեզ, որ այժմ նշանակուած է նախագահի պաշտօնակատար:...

Արաբական Պասքեթպոլի Տղոց Ախոյեանութիւն.  Պէյրութ Յաղթեց Իր Կատարած  Առաջին Մրցումին

Արաբական Պասքեթպոլի Տղոց Ախոյեանութիւն. Պէյրութ Յաղթեց Իր Կատարած Առաջին Մրցումին

Լիբանանը ներկայացնող Պէյրութ ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան, երէկ կատարելով իր առաջին մրցումը, յաղթանակ մը արձանագրեց Պաթայեհ Ռիատիի դէմ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` 88-69 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 14-19, 22-15, 29-18 եւ 23-17: Մարզիչ Ահմետ Ֆարրանի գլխաւորած կազմը` Պէյրութ, որ մրցաշարքին գործող ախոյեանն է, ունեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը: Այսօր` ուրբաթ, Պէյրութ կը...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  Երիտասարդական Ախոյեանութիւն

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն

- Լիանա Գիւրջեան` Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Կրկնակի Ախոյեան - Կարէն Մարգարեան` Ախոյեան, Սուրէն Գրիգորեան` Փոխախոյեան Հայաստանի ներկայացուցիչ, Եւրոպայի մեծերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի երիտասարդական ախոյեան Լիանա Գիւրջեան (81 քկ) նուաճեց ֆինլանտական Ռովանիեմի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան ախոյեանի կոչումը: 19 տարեկան Լիանա Գիւրջեան, որ 2019-ին եւս հանդիսացած էր Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեան, երէկ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Ալաշկերտ Պարտուեցաւ Երեւանի Մէջ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Ալաշկերտ Պարտուեցաւ Երեւանի Մէջ

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կազմակերպութեամբ կատարուող «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Ա. խմբակին մաս կազմող Ալաշկերտ Երեւան, որ երէկ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ ֆինլանտական «ԷՅՉ. ՃԷՅ. ՔԷՅ.»-էն` 4-2 արդիւնքով: Մինչեւ Ալաշկերտի խմբապետ Արտակ Գրիգորեանի կարմիր քարտ (36-րդ) ստանալը, արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Սակայն մարզիկի մը առաւելութիւնը ունենալով, հիւր...

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Հասաւ Օսլօ

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Հասաւ Օսլօ

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականը երէկ հասաւ Օսլօ (Նորվեկիա), ուր վաղը` շաբաթ, 2 հոկտեմբերին պիտի սկսի աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Էտկար Ենոքեան, իսկ մարզիկներն են. Արսէն Յարութիւնեան (61 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), Արման Անդրէասեան (70 քկ) եւ Արման Աւագեան (79 քկ):    

Ճատրակ.  Հայաստան Պարտուեցաւ Ուքրանիայէն  Եւ Դուրս Մնաց Աշխարհի Ախոյեանութենէն

Ճատրակ. Հայաստան Պարտուեցաւ Ուքրանիայէն Եւ Դուրս Մնաց Աշխարհի Ախոյեանութենէն

Քաթալոնական Սիթկես քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի աղջկանց խմբային ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի հաւաքականը չկրցաւ յաղթահարել Ուքրանիոյ արգելքը: Քառորդ աւարտականի առաջին մրցումին, հայրենի կազմը թէեւ յաղթեց 3-1 արդիւնքով, սակայն երկրորդին պարտուեցաւ 3,5-0,5 արդիւնքով: Տեղի ունեցած թայ-պրէյքի մրցումին, Հայաստան պարտութիւն մը կրելով 3-1 արդիւնքով, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Կիսաւարտականին Ուքրանիա կը մրցի Ռուսիոյ դէմ, մինչ կիսաւարտականի երկրորդ...

Ռոնալտոյի 136-րդ Կոլը`  «Չեմփիընզ Լիկ»-ի  Ֆութպոլի Մրցաշարքին

Ռոնալտոյի 136-րդ Կոլը` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքին

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի 36 տարեկան փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ բարելաւեց իր մրցանիշը` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով իր նշանակած կոլերու քանակով: Ռոնալտօ իր 136-րդ կոլը նշանակեց Վիարէալի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (2-1), եւ ատիկա` մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+5-րդ): Ատկէ բացի, ան հանդիսացաւ այս մրցաշարքին ամէնէն շատ մրցում կատարած ֆութպոլիստը (178), այսպիսով գերազանցելով Ռէալ Մատրիտի սպանացի նախկին բերդապահ Իքեր Քասիասը (177):

Page 460 of 1280 1 … 459 460 461 … 1,280

Արխիւներ