Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով:
Հակառակ անոր որ Պայէրն ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը` շնորհիւ Լէոն Կորեթցքայի (29-րդ), սակայն այս կոլէն երեք վայրկեան ետք, աւստրիացի յետսապահ Մարթին Հինթերեկեր նշանակեց 1-1-ի հաւասարութեան կոլը:
Սակայն 83-րդ վայրկեանին, սերպ միջնապահ Ֆիլիփ Քոսթիչ նշանակեց հիւր կազմին յաղթանակի կոլը:
Առաջին դիրքը գրաւող Պայէրն Միւնիխի նման 16 կէտ ունեցող Պայէրն Լեւերքուզըն կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ:
Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Պորուսիա Տորթմունտ, որ ունի 15 կէտ: