Նախկին Խորհրդային Միութեան եռակի ախոյեան, Եւրոպայի ախոյեան եւ աշխարհի բաժակակիր Մեխակ Ղազարեանի անուան մրցաշարքը տեղի ունեցաւ` նախաձեռնութեամբ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին, Գիւմրիի համայնքապետարանին, Գիւմրի համայնքի կռփամարտի մանկապետական մարզադպրոց «ՀՈԱԿ»-ին եւ մարզաշխարհի խումբ մը ներկայացուցիչներու:
Մրցաշարքին մասնակցեցան պատանի կռփամարտիկներ Շիրակի մարզէն, Երեւանէն, Վանաձորէն, Արարատէն, Էջմիածինէն, ինչպէս նաեւ Ռուսիայէն:
Մասնակցութեան համար բաժակներու արժանացան բոլոր պատանի կռփամարտիկները:
Նշենք, որ մրցաշարքի աւարտական հանգրուանին ներկայ էին Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պատուոյ նախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղեկալ Կարէն Գիլոյեան, ինչպէս նաեւ մարզական այլ պատասխանատուներ:
Մրցաշարքին ընթացքին Մեխակ Ղազարեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին կողմէ պարգեւատրուեցաւ Վլատիմիր Ենգիպարեանի անուան ոսկի մետալով, որ փառապանծ մարզիկին յանձնեց Դերենիկ Գաբրիէլեան: