Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ, 53 տարեկան Աշոտ Խաչատուրեանց նշանակուեցաւ Ռուսիոյ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի նախագահի պաշտօնակատար: Լուրը հաղորդեց ռուսական «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը:
Երէկ` երեքշաբթի, իր պաշտօնէն հեռացաւ 60 տարեկան Սերկէյ Փրյատքին, որ կազմակերպութիւնը կը գլխաւորէր 14 նոյեմբեր 2007-էն ի վեր:
Նշենք, որ ան այս տարուան 16 յունուարին վերընտրուած էր այդ պաշտօնին համար` հինգ տարուան ժամկէտով: