Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի 2020-2021 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 6 հոկտեմբերին: Մրցումին ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Տինամօ եւ Անթունին:
Ինչպէս ծանօթ է, բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումները տեղի կ՛ունենան չէզոք դաշտերու վրայ:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին համար նկատի առնուած վայրը պիտի ըլլայ Ամշիթի մարզադաշտը:
Նշենք, որ մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:



