Պորուսիա Տորթմունտին մաս կազմող յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս ամսուան ընթացքին Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք մրցումներուն, այս մասին յայտնեց գերմանական «Քիքըր»-ը:
21 տարեկան ֆութպոլիստը, որ վնասուածք ունի, պիտի շարունակէ բացակայիլ ֆութպոլի դաշտերէն:
Ան արդէն իսկ բացակայեցաւ իր ակումբին կատարած նախորդ երեք մրցումներէն:
2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Նորվեկիա 8 հոկտեմբերին պիտի մրցի Թուրքիոյ դէմ, իսկ 11 հոկտեմբերին` Մոնթենեկրոյի դէմ: