Սպանական Սիտկես քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ճատրակի աղջկանց խմբային ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի միջեւ:
Տիտղոսին տիրացան Ռուսիոյ աղջիկները, որոնք աւելի զօրաւոր գտնուեցան հնդիկներէն:
Նշենք, որ այս տարի այս ախոյեանութիւնը կատարուեցաւ նոր ձեւաչափով` 45+10 արագ ճատրակ: