Իտալացի փորձառու ֆութպոլի մասնագէտ Քլաուտիօ Ռանիերի նշանակուեցաւ Ուաթֆորտի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
69 տարեկան Ռանիերիի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022-2023 տարեշրջանին աւարտը:
Այսպիսով, Ռանիերի փոխարինեց սպանացի Խիսքօ Մունոսը, որ պաշտօնանկ եղաւ 10 ամսուան պաշտօնավարութենէ մը ետք:
Նշենք, որ Ռանիերի բաւական փորձառու է Անգլիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ ան անցեալին եղած է Չելսիի, Ֆուլհեմի եւ Լայսթըր Սիթիի մարզիչ:
Վերջինիս հետ ան 2016-ին հռչակուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») ընթացիկ տարեշրջանին, Ուաթֆորտ 7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ապահովելով 7 կէտ, այժմ կը գտնուի դասաւորման 14-րդ դիրքին վրայ: