Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նափոլի շարունակելով իր յաղթարշաւը արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆիորենթինայի դաշտէն:
Իտալացի Լուչիանօ Սփալեթթիի գլխաւորած կազմին յաղթանակը կերտողները հանդիսացան մեքսիքացի յառաջապահ Ըրվին Լոսանօ եւ քոսովոցի յետսապահ Ամիր Ռահմանի:
Նափոլի, որ այժմ յառաջատարն է, ապահոված է առաւելագոյն 21 կէտը:
Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Ա. Սէ. Միլան (19 կէտ) եւ Ինթեր Միլան (17 կէտ):
Ա. Էս. Ռոմա 15 կէտով կը գրաւէ չորրորդ դիրքը: