Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ իր աւարտին մօտեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչ, 70 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Արման Անդրէասեան, որ առիթը ունէր պրոնզէ մետալին տիրանալու, 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն` Եւգենի Ժերպայեւէն:
Անդրէասեան պրոնզէ մետալին համար մղուող պայքարին գծով իր տոմսը ապահոված էր 10-0 արդիւնքով յաղթելով իր սրի-լանքացի մրցակիցին:
Նշենք, որ Օսլոյի մէջ Հայաստանի չորս ներկայացուցիչներէն պրոնզէ մետալի տիրացաւ միայն Արսէն Յարութիւնեան, 61 քկ դասակարգին մէջ: