«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 11 նոյեմբերին կատարուելիք Հայաստան-Մակեդոնիա մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ «Քլասիքօ»-ի մրցում սուլած սպանացի Խոսէ Մարիա Ալոնսօ Ֆերնանտեսը:
Նախորդ 24 հոկտեմբերին ան սուլեց Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ին:
Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան Ռաուլ Քապանիերօ եւ Ռոպերթօ Ալոնսօ Ֆերնանտես, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Խուան Մարթինես Մունուերա:
Իսկ «ՎԱՐ» համակարգին իրաւարարները պիտի ըլլան իտալացիներ Փաուլօ Վալերին եւ Լուքա Փայրեթոն:
Նշենք, որ Ժ. խմբակին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երէկ, իր կատարած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, հայրենի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ սպանացի Խոաքին Քափարոս ըսաւ, որ ներկայ դրութեամբ, թէեւ քիչ մը դժուար է Մոնտիալին տոմս մը ապահովելը, բայց եւ այնպէս Հայաստան պիտի ձգտի տալ իր առաւելագոյն արդիւնքը: