Խրուաթիոյ Լուցքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Սկովտիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան ԺԱ. խմբակի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, աւարտեցաւ հայրենի կազմին յաղթանակով, 3-2 արդիւնքով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հակառակ անոր որ Ա. կիսախաղին Հայաստան կը պարտուէր 2-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին արդիւնքը շրջուեցաւ` շնորհիւ Սպարտակ Հայրապետեանի (62-րդ), Համլեթ Մինասեանի (64-րդ) եւ Արթուր Սերոբեանի
(71-րդ) նշանակած կոլերուն:
Նշենք, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Վարազդատ Աւետիսեան: