Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան (Բ. դասակարգ) մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 9 նոյեմբերին, Ա. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը կը կատարէ մրցաշարքի իր երկրորդ մրցումը, երբ կը մրցի Սուրիոյ դէմ:
Այսօրուան այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց Իրանի դէմ, այսօր իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային ուղղակիօրէն պիտի ապահովէ կիսաւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ միջազգային դասաւորման մէջ Լիբանան կը գրաւէ 53-րդ դիրքը (Ասիա` 8-րդ), մինչ Սուրիա կը գտնուի 80-րդ դիրքին վրայ (Ասիա` 14-րդ):