Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Սթիւըն Ժերար երէկ գլխաւորեց Ասթոն Վիլան, այս մասին յայտնեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան մասնակցող ակումբը:
Նախքան իր նոր պաշտօնը ստանձնելը, ան կը գլխաւորէր սկովտիական Ռէյնճըրզը, իսկ անկէ առաջ` Լիվըրփուլի երիտասարդական խումբը:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ասթոն Վիլա 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 16-րդ դիրքը: