Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտ արժանացաւ բրիտանական կայսրութեան շքանշանին:
Այս որոշումը ընդունուեցաւ հոկտեմբեր 2020-ին, բարեգործական առիթներու ընթացքին անոր ունեցած աշխուժ մասնակցութեան համար:
Ան իր զգալի ներդրումը ունեցաւ անապահով ընտանիքներու երեխաներուն անվճար սնունդի կազմակերպման արշաւին մէջ, բաւական մեծ աշխատանք տարած ըլլալուն համար:
Մեծն Բրիտանիոյ թագաժառանգ Ուիլիամ իշխանը, Ուինտսոր պալատին մէջ ընդունեց Ռեշֆորտը եւ կատարեց այս պաշտօնական արարողութիւնը:
24 տարեկան ֆութպոլիստին հետ ներկայ էր նաեւ անոր մայրը, որ իր կարգին իր գործօն մասնակցութիւնը կ՛ունենայ բարեգործական ծրագիրներու իրագործման:
Այլ գետնի վրայ նշուեցաւ, որ Ռեշֆորտ պիտի բացակայի Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներէն` նկատի ունենալով, որ ենթարկուեցաւ ուսի վիրաբուժութեան:
12 նոյեմբերին Անգլիա կը մրցի Ալպանիոյ դէմ, իսկ 15 նոյեմբերին` Սան Մարինոյի դէմ: