Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը կատարէ զտումի իր վերջին մրցումը` երբ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Ժ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Գերմանիան:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հայաստան, որ այժմ կը գրաւէ չորրորդ դիրքը, իր յոյսերը կորսնցուցած է փլէյ-օֆի հանգրուանի մրցումներուն մասնակցելու:
Օրուան իրաւարարները պիտի ըլլան Ֆրանսայէն:
Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Ֆրանսուա Լեթեսիեն: