Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 12 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի կազմը հիւրը պիտի ըլլայ Հուփսին:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 16:50-ին:
Հիւրընկալ կազմը, որ ցարդ կատարած է չորս մրցում, արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ կրած երկու պարտութիւն, մինչ ՀՄԸՄ, որ կատարած է երեք մրցում, կրած է նոյնքան պարտութիւն:
Նշենք, որ այս հանգրուանին ծիրին մէջ, Շանվիլ եւ Պէյրութ յաղթանակներ արձանագրեցին, յաջորդաբար` Պիպլոսի (90-52) եւ Անիպալ Զահլէի 113-44) դէմ: