Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռոսթով, որ հիւրընկալեց Ռուպինը, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Ռոսթովի առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Խորէն Պայրամեան, 42-րդ վայրկեանին, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար ի նպաստ հիւր կազմին, 1-0 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Ռոսթով 16 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 10-րդ դիրքը: