Երէկ` ուրբաթ, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան (Բ. դասակարգ) ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը, որ կիսաւարտականին մրցեցաւ Ինտոնեզիոյ դէմ, ապահովեց աւարտականին իր տոմսը` 76-62 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Աւարտականին Լիբանան իր դէմ պիտի ունենայ Յորդանան-Ղազախստան մրցումին յաղթականը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին:
Յաղթանակ մը եւս եւ Լիբանան պիտի վերադառնայ Ա. դասակարգ, ուրկէ բացակայ է 2011-էն ի վեր:
Լիբանանէն եւ մրցումին ամէնէն աւելի կէտ նշանակեց խմբապետ` Ռեպեքա Աքըլ (19 կէտ):