Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան (Բ. դասակարգ) մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, երէկ կատարեց իր երկրորդ մրցումը` մրցելով Սուրիոյ դէմ:
Լիբանանի աղջիկները, որոնք արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաղթանակը, ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսը` գրաւելով խմբակին առաջին դիրքը:
Մրցումը աւարտեցաւ 83-63 արդիւնքով: Յաղթական կազմին եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռեպեքա Աքըլ (22 կէտ):