Երեքշաբթի, 9 նոյեմբերին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը հասաւ Լիոն (Ֆրանսա), ուր պիտի շարունակէ պատրաստուիլ դաշտին տիրոջ դէմ կատարուելիք մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, 11 նոյեմբերին:
Նշենք, որ Լիոնի օդակայանէն հայկական պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Կրենոպլը:
Այս մրցումը կ՛իյնայ Եւրոպայի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Ը. խմբակ):
Ֆրանսայի մէջ, Հայաստանի հաւաքականին պիտի միանան` Երջանիկ Ղուբասարեան, Անթոնի Կազարեան եւ Արտիոմ Գիւրջեան, մինչ կազմին հետ Ֆրանսա չմեկնեցան Կարէն Նալբանդեան եւ Արմէն Յովհաննիսեան, որոնք վնասուածք ունին: