«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» կը յայտնէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը («Փրեմիեր Լիկ»), 2022-2023 տարեշրջանին, նոյեմբեր-դեկտեմբեր 2022-ին դադար պիտի առնէ, Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի կայացման պատճառով:
Նշուեցաւ, որ այդ դադարը պիտի սկսի 12 նոյեմբերին եւ պիտի աւարտի 26 դեկտեմբերին:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի սկսի սովորականէն շաբաթ մը առաջ` 6 օգոստոսին, մինչ անիկա պիտի աւարտի 28 մայիս 2023-ին` սովորականէն շաբաթ մը ետք:
Ֆութպոլիստներուն արձակուրդ պիտի տրուի 2023-ի ամրան ընթացքին` նկատի ունենալով, որ այդ միջոցին պաշտօնական մրցաշարք չկայ: