Մարզական

Ոչ Եւս Է Բռնցքամարտիկ  Բագրատ Օհանեան

Ոչ Եւս Է Բռնցքամարտիկ Բագրատ Օհանեան

Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք կեանքէն հեռացաւ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, բռնցքամարտիկ Բագրատ Օհանեան: Բռնցքամարտիկ Բագրատ Օհանեան յաղթանակ արձանագրած է 250 սիրողական եւ 11 արհեստավարժ մրցումներու: Ան դարձած է Հայաստանի երիտասարդներու բազմակի ախոյեան, երիտասարդներու Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան, 1999-ին` աշխարհի երիտասարդներու լաւագոյն բռնցքամարտիկ: Օհանեան միշտ բարձր պահած է Հայաստանի դրօշը եւ մերժած է հանդէս գալ այլ երկիրներու դրօշներուն տակ:  

Ֆութպոլային Փոխանցումներու  Շշուկներ

Ֆութպոլային Փոխանցումներու Շշուկներ

- Բրիտանական մամուլին համաձայն, իտալական Եուվենթուս ակումբին պատասխանատուները յունուար ամսուան «փոխանցումներու պատուհան»-ին մտադրած են ձեռք բերել Արսենալի եւ Կապոնի 32-ամեայ յառաջապահ Փիեռ էմերիք Օպամէեանկը: Վերջինս զրկուած է Արսենալի խմբապետի պարտականութենէն, նաեւ լուրջ տարակարծութիւններ ունի լոնտոնեան ակումբի մարզիչ Միկել Արթեթայի հետ: - Մանչեսթըր Եունայթըտի 34-ամեայ յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի լուրջ թիրախ մը դարձած է քաթալոնական Պարսելոնա ակումբին համար: Ուրուկուէյցի յառաջապահը հազուադէպ դաշտ...

Շաբաթավերջի Եւրոպական Երկիրներու  Ազգային Ախոյեանական Մրցումներուն  Արդիւնքները

Շաբաթավերջի Եւրոպական Երկիրներու Ազգային Ախոյեանական Մրցումներուն Արդիւնքները

  ՇԱԲԱԹ, 18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021   ԱՆԳԼԻԱ- «ՓՐԵՄԻԵՐ ԼԻԿ»   Ասթոն Վիլա - Պըրնլի` յետաձգուած Մանչեսթըր Եունայթըտ - Պրայթըն` յետաձգուած Սաութհեմփթըն - Պրենթֆորտ` յետաձգուած Ուաթֆորտ - Քրիսթալ Փալաս` յետաձգուած Ուեսթ Համ Եունայթըտ - Նորուիչ Սիթի` յետաձգուած Լիծ Եունայթըտ - Արսենալ` 1-4 Վուլվզ - Չելսի` 0-0 Նիուքասըլ Եունայթըտ - Մանչեսթըր Սիթի` 0-4 Թոթենհամ - Լիվըրփուլ` 2-2 ՍՊԱՆԻԱ - «ԼԱ ԼԻԿԱ»  ...

Լիվըրփուլ Պարտութեան Մատնեց Նիւքասըլը,  Չելսի Դարձեալ Հաւասարեցաւ

Լիվըրփուլ Պարտութեան Մատնեց Նիւքասըլը, Չելսի Դարձեալ Հաւասարեցաւ

Մոհամետ Սալահ նշանակեց եղանակի 22-րդ կոլը, երբ Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ ընդունեց Նիուքասըլ Եունայթըտը եւ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ: «Կարմիրներ»ուն կազմէն կը բացակայէին Վիրճիլ Վան Տայքը, Ֆապինիոն եւ Քըրթիս Ճոնզը: Տիոկօ Ճոթա, Մոհամետ Սալահ եւ Թրենթ Առնոլտ Ալեքսանտր նշանակեցին Լիվըրփուլի կոլերը: Շնորհիւ սոյն յաղթանակին, Լիվըրփուլ երեք կէտի առաւելութիւն մը ստեղծեց երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Չելսիի նկատմամբ: Լոնտոնեան...

ԵՈՒԵՖԱ Ազգային Խումբերու Ախոյեանութեան  2022-2023 Տարեշրջանի Հայաստանի Հաւաքականի  Մրցումներուն Յայտագիրը

ԵՈՒԵՖԱ Ազգային Խումբերու Ախոյեանութեան 2022-2023 Տարեշրջանի Հայաստանի Հաւաքականի Մրցումներուն Յայտագիրը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Եւրոպայի ազգային խումբերու ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի մրցումները պիտի սկսի Սկովտիոյ հաւաքականին դէմ ճակատումով: Ստորեւ, Հայաստանի հաւաքականին կատարելիք մրցումներուն յայտագիրը. 4 յունիս, Սկովտիա - Հայաստան 7 յունիս, Հայաստան - Իրլանտա 11 յունիս, Ուքրանիա - Հայաստան 14 յունիս, Հայաստան - Սկովտիա 23 սեպտեմբեր, Հայաստան - Ուքրանիա 26 սեպտեմբեր, Իրլանտա - Հայաստան Հայաստանի ազգային խումբի մարզիչ Խոսէ Քապարոս ակնկալեց,...

Ծանրաբարձ Վարազդատ Լալայեան`  Աշխարհի Փոխախոյեան

Ծանրաբարձ Վարազդատ Լալայեան` Աշխարհի Փոխախոյեան

Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ աւարտեցան ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան տարբեր կարգերու ախոյեանութիւնները: Գերծանր կարգի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վարազդատ Լալայեան դարձաւ աշխարհի փոխախոյեան: Ան 457 քկ բարձրացուց պոկում եւ հրում վարժութիւններուն եւ դարձաւ արծաթէ մետալակիր: Հայաստանի հաւաքականի անդամ Գոռ Մինասեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: Վրացի Լաշա Թալախածէ դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Ան բարձրացուց 492 քկ:

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Հակիրճ Ակնարկ` Շաբաթավերջին Տեղի Ունեցած Մրցումներուն

Շաբաթավերջի Եւրոպական Երկիրներու Ազգային Ախոյեանական Մրցումներու Յայտագիրը

Մեր մարզասէր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով կարգ մը մրցումներ կրնան ակամայ ջնջուիլ վերջին պահուն: ՇԱԲԱԹ, 18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021 ԺԱՄ ԱՆԳԼԻԱ - «ՓՐԵՄԻԵՐ ԼԻԿ» Ասթոն Վիլա - Պըրնլի 17:00 Լիծ Եունայթըտ - Արսենալ 19:30 ՍՊԱՆԻԱ - «ԼԱ ԼԻԿԱ» Ռայօ Վալեքանօ - Ալաւեզ 15:00 Ռէալ Սոսիետատ - Վիլառէալ 17:15 Պարսելոնա - Էլչէ 19:30 Սեւիլիա - Աթլեթիքօ Մատրիտ...

Ծանրորդ Սիմոն Մարտիրոսեան` Աշխարհի  Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Ծանրորդ Սիմոն Մարտիրոսեան` Աշխարհի Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ կայացող ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանի հաւաքականի անդամ Սիմոն Մարտիրոսեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: Հայ ծանրորդը 109 քկ ծանրութեան կարգի պոկում եւ հրում մրցումներուն բարձրացուց 416 քկ: Այս մարզին մէջ աշխարհի առաջնութիւնը շահեցաւ ուզպեք ծանրորդ Աքպար Ջուրակը` 433 քկ:

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաստատեց  «Տարուան Տասը Լաւագոյն Մարզիկներ»-ու  Մրցանակային Հիմնադրամ

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաստատեց «Տարուան Տասը Լաւագոյն Մարզիկներ»-ու Մրցանակային Հիմնադրամ

Հայաստանի կառավարութեան 16 դեկտեմբերի նիստին որոշուեցաւ յաւելեալ 45 միլիոն դրամ յատկացնել` «Տարուան տասը լաւագոյն մարզիկներ» մրցումին յաղթողները պարգեւատրելու նպատակով: Այս տարի տասը լաւագոյն մարզիկներուն կողքին, նիւթական պարգեւներ պիտի ստանան նաեւ անոնց մարզիչները, հաւաքականներու գլխաւոր մարզիչները, բժիշկները եւ մարձողները:  

Հայաստանի Պասքեթպոլի Հաւաքականները  Պիտի Մասնակցին Եւրոպայի  Ախոյեանութիւններուն

Հայաստանի Պասքեթպոլի Հաւաքականները Պիտի Մասնակցին Եւրոպայի Ախոյեանութիւններուն

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց հաւաքականը պիտի մասնակցի 28 յունիսէն 3 յուլիսի միջեւ կայանալիք փոքր երկիրներու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն: Մրցաշարքին վայրը ցարդ կը մնայ անորոշ: 2022-ին Հայաստան պիտի մասնակցի պասքեթպոլի Եւրոպայի տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն:  

Արսենալ Չորրորդ Դիրքին Բարձրացաւ

Արսենալ Չորրորդ Դիրքին Բարձրացաւ

Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Արսենալ սեփական դաշտին մէջ ընդունեց Ուեսթ Համ Եունայթըտը եւ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Կապրիէլ Մարթինելի եւ Էմիլ Սմիթ Ռաու նշանակեցին «Կանըրզ»ներուն կոլերը: Շնորհիւ սոյն յաղթանակին, Արսենալ ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրք բարձրացաւ` 29 կէտով: Ուեսթ Համ Եունայթըտ` 28 կէտով 5-րդ դիրքը կը գրաւէ:

Թոմաս Ֆրանք Կը Պահանջէ Ջնջել «Փրեմիեր Լիկ»-ի  Շաբաթավերջի Բոլոր Մրցումները

Թոմաս Ֆրանք Կը Պահանջէ Ջնջել «Փրեմիեր Լիկ»-ի Շաբաթավերջի Բոլոր Մրցումները

Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի Պրենթֆորտ խումբի մարզիչ Թոմաս Ֆրանք պահանջեց «Քորոնա» ժահրին պատճառով ջնջել շաբաթավերջի բոլոր մրցումները: Ան դիտել տուաւ, որ երկրին բոլոր ակումբները կը տառապին «Քորոնա»-ի հետեւանքներէն: Ֆրանք յայտնեց, թէ քանի մը օր դադարը պիտի նպաստէ փրկելու ախոյեանութեան տարեշրջանը: Պաշտօնական տուեալներով, «Փրեմիեր Լիկ»-ի ութսուն ֆութպոլիստներու մօտ արձանագրուած է «Քորոնա»-ի դէպք: Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը արդէն իսկ ջնջած է կարգ մը մրցումներ:...

«Մերսետես» Հրաժարեցաւ Ապու Տապիի  Կրան Փրիին Դէմ Բողոքէն

«Մերսետես» Հրաժարեցաւ Ապու Տապիի Կրան Փրիին Դէմ Բողոքէն

«Ֆորմիւլա-1» ինքնաշարժներու «Մերսետես» ընկերութեան տնօրէն Թօթօ Վուլֆ յայտարարեց, թէ յետս կոչած է Ապու Տապիի կրան փրիի արդիւնքին դէմ բողոքը: «Մերսետես» ընկերութիւնը նախապէս պաշտօնական երկու բողոք ներկայացուցած էր անցեալ կիրակի օր Ապու Տապիի մէջ կայացած կրան փրիին կազմակերպիչներուն դէմ: Սակայն երէկ, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը, «Մերսետես» շնորհաւորեց Ապու Տապիի կրան փրիին յաղթող Մաքս Վերսթափենը եւ յետս կոչեց իր բողոքը:  

Ափրիկեան Երկիրներու Բաժակը  Կրնայ Յետաձգուիլ

Ափրիկեան Երկիրներու Բաժակը Կրնայ Յետաձգուիլ

«Քորոնա» ժահրին աճող թիւերը պատճառ կրնան դառնալ անորոշ ժամկէտով յետաձգելու Ափրիկեան երկիրներու բաժակի մրցումները: Բրիտանական մամուլին համաձայն, Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնը լրջօրէն մտահոգուած է ցամաքամասին մէջ «Քորոնա» ժահրին ցուցանիշներէն: Բացի այդ, այս մտահոգիչ կացութեան մէջ մեծ թիւով ակումբներ կը խուսափին Ափրիկէ ղրկել իրենց ֆութպոլիստները: Ափրիկեան երկիրներու բաժակը սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ 9 յունուարէն 22 փետրուար 2022-ին, Քամերունի մէջ:

Լուիս Հեմիլթըն Ստացաւ  Ասպետի Կոչում

Լուիս Հեմիլթըն Ստացաւ Ասպետի Կոչում

«Ֆորմիւլա-1» ինքնաշարժներու բազմակի աշխարհի ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն ասպետի կոչում ստացաւ Մեծն Բրիտանիոյ թագաժառանգ  Չարլզ իշխանին կողմէ: «Ֆորմիւլա-1» ինքնաշարժներու աշխարհի եօթնակի ախոյեանին կոչման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուինտսորի դղեակին մէջ:  

Ծանրաբարձ Տաթեւ Յակոբեան Աշխարհի  Ախոյեանութեան 5-րդ Դիրքը Գրաւեց

Ծանրաբարձ Տաթեւ Յակոբեան Աշխարհի Ախոյեանութեան 5-րդ Դիրքը Գրաւեց

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Տաթեւ Յակոբեան Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ կայացող ծանրաբարձութեան կանանց աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն 5-րդ դիրքը գրաւեց: Յակոբեան մասնակցեցաւ 81 քկ ծանրութեան կարգի մրցումներուն: Ան 105 քկ բարձրացուց պոկումի վարժութիւններուն եւ 152 քկ` հրումին եւ գրաւեց 5-րդ դիրքը:

Աննա Սարգսեան Յաջողութեամբ Կը Մասնակցի  «Աշխարհը Ընդդէմ Լեհաստանի»  Ճատրակի Միջազգային Մրցաշարքին

Աննա Սարգսեան Յաջողութեամբ Կը Մասնակցի «Աշխարհը Ընդդէմ Լեհաստանի» Ճատրակի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի ճատրակի կանանց հաւաքականի անդամ Աննա Սարգսեան կը մասնակցի «Աշխարհը ընդդէմ Լեհաստանի» միջազգային մրցաշարքին: Աննա Սարգսեան Լեհաստանի ամէնէն հզօր չորս ճատրակի վարպետներուն դէմ խաղալով արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն: Միջազգային այս մրցաշարքին կը մասնակցին տասը ճատրակ խաղացողներ. հինգը կը ներկայացնեն աշխարհը, հինգը` Լեհաստանը: Աննա Սարգսեան հանդէս կու գայ աշխարհի կազմէն:

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի  Կիսաեզրափակիչ  Հանդիպումներուն Վիճակահանութիւնը

Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Կիսաեզրափակիչ Հանդիպումներուն Վիճակահանութիւնը

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի կիսաեզրափակիչ փուլի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը. Արարատ ընդդէմ Նորավանք Ուրարտու ընդդէմ Վան Հանդիպումները տեղի պիտի ունենան ապրիլ 2022-ին:  

Պէյճինկի Ողիմպիական Կոմիտէն Ներկայացուց  Խաղերը Անվտանգ Կայացնելու Կանոնագրութիւնը

Պէյճինկի Ողիմպիական Կոմիտէն Ներկայացուց Խաղերը Անվտանգ Կայացնելու Կանոնագրութիւնը

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն եւ Պէյճինկի Ողիմպիական խաղերու կոմիտէն միասնաբար ներկայացուցին խաղերը անվտանգ կայացնելու կանոնագրութիւն մը: Կանոնագրութիւնը կ’ընդգրկէ Չինաստան ժամանող մարզիկներուն եւ մարզասէրներուն համար մաքսային, տոմսերու, կեցութեան վայրերու, բժշկական ստուգումներու վերաբերող կէտեր: Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն մասնակից բոլոր մարզիկները պարտադիր պատուաստուած ըլլալէ ետք միայն մուտք պիտի գործեն Չինաստան: Ողիմպիական կոմիտէն համոզուած է, որ կանոնները յարգելու պարագային, նուազագոյնի պիտի հասնի «Քորոնա» ժահրով վարակուելու...

Ակուերօ Պաշտօնապէս  Լքեց Ֆութպոլը

Ակուերօ Պաշտօնապէս Լքեց Ֆութպոլը

Արժանթինի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի յառաջապահ Սերժիօ Ակուերօ պաշտօնապէս լքեց ֆութպոլը: Քաթալոնական ակումբին կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ակուերօ յուզումնախառն ձայնով յայտարարեց. «Որոշած եմ այլեւս չխաղալ ֆութպոլ: Այլեւս պիտի չզբաղիմ արհեստավարժ ֆութպոլով»: Մասնագէտներու կարծիքով` արժանթինցի ֆութպոլիստը կը դիմագրաւէ շնչառութեան եւ սրտի հետ կապուած դժուարութիւններ: Նախքան Պարսելոնայի շապիկը կրելը, Ակուերօ տասը տարի հանդէս եկաւ անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի կազմէն: Իր ֆութպոլային...

Page 437 of 1280 1 … 436 437 438 … 1,280

Արխիւներ