Մոհամետ Սալահ նշանակեց եղանակի 22-րդ կոլը, երբ Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ ընդունեց Նիուքասըլ Եունայթըտը եւ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ: «Կարմիրներ»ուն կազմէն կը բացակայէին Վիրճիլ Վան Տայքը, Ֆապինիոն եւ Քըրթիս Ճոնզը: Տիոկօ Ճոթա, Մոհամետ Սալահ եւ Թրենթ Առնոլտ Ալեքսանտր նշանակեցին Լիվըրփուլի կոլերը:
Շնորհիւ սոյն յաղթանակին, Լիվըրփուլ երեք կէտի առաւելութիւն մը ստեղծեց երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Չելսիի նկատմամբ: Լոնտոնեան խումբը իր սեփական դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը գոհացաւ Էվըրթընին դէմ:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Մանչեսթըր Սիթի 17 մրցում 41 կէտ
2.- Լիվըրփուլ 17 մրցում 40 կէտ
3.- Չելսի 17 մրցում 37 կէտ