Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի Պրենթֆորտ խումբի մարզիչ Թոմաս Ֆրանք պահանջեց «Քորոնա» ժահրին պատճառով ջնջել շաբաթավերջի բոլոր մրցումները: Ան դիտել տուաւ, որ երկրին բոլոր ակումբները կը տառապին «Քորոնա»-ի հետեւանքներէն: Ֆրանք յայտնեց, թէ քանի մը օր դադարը պիտի նպաստէ փրկելու ախոյեանութեան տարեշրջանը:
Պաշտօնական տուեալներով, «Փրեմիեր Լիկ»-ի ութսուն ֆութպոլիստներու մօտ արձանագրուած է «Քորոնա»-ի դէպք:
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը արդէն իսկ ջնջած է կարգ մը մրցումներ: