Հայաստանի կառավարութեան 16 դեկտեմբերի նիստին որոշուեցաւ յաւելեալ 45 միլիոն դրամ յատկացնել` «Տարուան տասը լաւագոյն մարզիկներ» մրցումին յաղթողները պարգեւատրելու նպատակով:
Այս տարի տասը լաւագոյն մարզիկներուն կողքին, նիւթական պարգեւներ պիտի ստանան նաեւ անոնց մարզիչները, հաւաքականներու գլխաւոր մարզիչները, բժիշկները եւ մարձողները: