Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Արսենալ սեփական դաշտին մէջ ընդունեց Ուեսթ Համ Եունայթըտը եւ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Կապրիէլ Մարթինելի եւ Էմիլ Սմիթ Ռաու նշանակեցին «Կանըրզ»ներուն կոլերը: Շնորհիւ սոյն յաղթանակին, Արսենալ ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրք բարձրացաւ` 29 կէտով: Ուեսթ Համ Եունայթըտ` 28 կէտով 5-րդ դիրքը կը գրաւէ: