Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն եւ Պէյճինկի Ողիմպիական խաղերու կոմիտէն միասնաբար ներկայացուցին խաղերը անվտանգ կայացնելու կանոնագրութիւն մը:
Կանոնագրութիւնը կ’ընդգրկէ Չինաստան ժամանող մարզիկներուն եւ մարզասէրներուն համար մաքսային, տոմսերու, կեցութեան վայրերու, բժշկական ստուգումներու վերաբերող կէտեր:
Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն մասնակից բոլոր մարզիկները պարտադիր պատուաստուած ըլլալէ ետք միայն մուտք պիտի գործեն Չինաստան:
Ողիմպիական կոմիտէն համոզուած է, որ կանոնները յարգելու պարագային, նուազագոյնի պիտի հասնի «Քորոնա» ժահրով վարակուելու կարելիութիւնը: