«Ֆորմիւլա-1» ինքնաշարժներու «Մերսետես» ընկերութեան տնօրէն Թօթօ Վուլֆ յայտարարեց, թէ յետս կոչած է Ապու Տապիի կրան փրիի արդիւնքին դէմ բողոքը:
«Մերսետես» ընկերութիւնը նախապէս պաշտօնական երկու բողոք ներկայացուցած էր անցեալ կիրակի օր Ապու Տապիի մէջ կայացած կրան փրիին կազմակերպիչներուն դէմ:
Սակայն երէկ, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը, «Մերսետես» շնորհաւորեց Ապու Տապիի կրան փրիին յաղթող Մաքս Վերսթափենը եւ յետս կոչեց իր բողոքը: