Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Տաթեւ Յակոբեան Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ կայացող ծանրաբարձութեան կանանց աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն 5-րդ դիրքը գրաւեց:
Յակոբեան մասնակցեցաւ 81 քկ ծանրութեան կարգի մրցումներուն: Ան 105 քկ բարձրացուց պոկումի վարժութիւններուն եւ 152 քկ` հրումին եւ գրաւեց 5-րդ դիրքը: