
«Ֆորմիւլա-1» ինքնաշարժներու բազմակի աշխարհի ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն ասպետի կոչում ստացաւ Մեծն Բրիտանիոյ թագաժառանգ Չարլզ իշխանին կողմէ:
«Ֆորմիւլա-1» ինքնաշարժներու աշխարհի եօթնակի ախոյեանին կոչման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուինտսորի դղեակին մէջ: