Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք կեանքէն հեռացաւ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, բռնցքամարտիկ Բագրատ Օհանեան:
Բռնցքամարտիկ Բագրատ Օհանեան յաղթանակ արձանագրած է 250 սիրողական եւ 11 արհեստավարժ մրցումներու: Ան դարձած է Հայաստանի երիտասարդներու բազմակի ախոյեան, երիտասարդներու Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեան, 1999-ին` աշխարհի երիտասարդներու լաւագոյն բռնցքամարտիկ:
Օհանեան միշտ բարձր պահած է Հայաստանի դրօշը եւ մերժած է հանդէս գալ այլ երկիրներու դրօշներուն տակ: