Արժանթինի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի յառաջապահ Սերժիօ Ակուերօ պաշտօնապէս լքեց ֆութպոլը:
Քաթալոնական ակումբին կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ակուերօ յուզումնախառն ձայնով յայտարարեց. «Որոշած եմ այլեւս չխաղալ ֆութպոլ: Այլեւս պիտի չզբաղիմ արհեստավարժ ֆութպոլով»:
Մասնագէտներու կարծիքով` արժանթինցի ֆութպոլիստը կը դիմագրաւէ շնչառութեան եւ սրտի հետ կապուած դժուարութիւններ:
Նախքան Պարսելոնայի շապիկը կրելը, Ակուերօ տասը տարի հանդէս եկաւ անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի կազմէն:
Իր ֆութպոլային ասպարէզին ընթացքին Ակուերօ կատարած է 786 պաշտօնական մրցում` նշանակելով 427 կոլ: Ակուերօ միաժամանակ դարձաւ Մանչեսթըր Սիթի ակումբին պատմութեան ամէնէն շատ թիւով կոլ նշանակող ֆութպոլիստը. 390 մրցում` 260 կոլ:
33-ամեայ Ակուերօ 101 անգամ կրած է Արժանթինի ազգային խումբին շապիկը եւ նշանակած 41 կոլ: