Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշկենտի մէջ աւարտեցան ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան տարբեր կարգերու ախոյեանութիւնները:
Գերծանր կարգի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վարազդատ Լալայեան դարձաւ աշխարհի փոխախոյեան: Ան 457 քկ բարձրացուց պոկում եւ հրում վարժութիւններուն եւ դարձաւ արծաթէ մետալակիր: Հայաստանի հաւաքականի անդամ Գոռ Մինասեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:
Վրացի Լաշա Թալախածէ դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Ան բարձրացուց 492 քկ: