Հայաստանի ճատրակի կանանց հաւաքականի անդամ Աննա Սարգսեան կը մասնակցի «Աշխարհը ընդդէմ Լեհաստանի» միջազգային մրցաշարքին:
Աննա Սարգսեան Լեհաստանի ամէնէն հզօր չորս ճատրակի վարպետներուն դէմ խաղալով արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն:
Միջազգային այս մրցաշարքին կը մասնակցին տասը ճատրակ խաղացողներ. հինգը կը ներկայացնեն աշխարհը, հինգը` Լեհաստանը:
Աննա Սարգսեան հանդէս կու գայ աշխարհի կազմէն: