Մարզական

Հայաստան-Մոնթենեկրօ Ֆութպոլի  Բարեկամական Մրցում` 25 Մարտին

Հայաստան-Մոնթենեկրօ Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում` 25 Մարտին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Մոնթենեկրոյի դէմ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 25 մարտին, Երեւանի մէջ: Նշենք, որ նախապէս յայտարարուած էր, որ հայրենի կազմը 29 մարտին բարեկամական այլ մրցում մը պիտի կատարէ Նորվեկիոյ մէջ, մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ: Այս մրցումը երկու կազմերուն միջեւ պիտի ըլլայ երրորդ հանդիպումը: Առաջին մրցումը...

Հայաստանէն 35 Իրաւարարներ  Կը Մեկնին Ռուսիա

Հայաստանէն 35 Իրաւարարներ Կը Մեկնին Ռուսիա

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին իրաւարարները շաբաթական երեք անգամ ֆիզիքական պատրաստութեան փորձեր կը կատարեն Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այդ փորձերը կը կատարէ Արման Ալաբերքեան: Նշուեցաւ, որ փորձերուն աւարտէն ետք իրաւարարները Սլաւիկ Ղազարեանի գլխաւորութեամբ 1-12 փետրուարին պիտի մեկնին ռուսական Քրիմսք քաղաքը` յատուկ ուսումնամարզական հաւաք կատարելու նպատակով: Այս հաւաքին պիտի մասնակցին 35 իրաւարարներ եւ 5 հրահանգիչներ: ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրաւիրուած յատուկ մասնագէտներ հաւաքին...

Թենիս.  Աւստրալիոյ Իշխանութիւնները Անվաւեր  Դարձուցին Նովաք Ճոքովիչի Այցագիրը

Թենիս. Աւստրալիոյ Իշխանութիւնները Անվաւեր Դարձուցին Նովաք Ճոքովիչի Այցագիրը

Երէկ` ուրբաթ, 14 յունուարին, Աւստրալիոյ իշխանութիւնները հրապարակեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ անվաւեր կը հռչակուի սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչի այցագիրը եւ ան երկրէն կ՛արտաքսուի: Ասկէ բացի, Ճոքովիչի մուտքը Աւստրալիա երեք տարիով արգիլուեցաւ: Ներկայիս Ճոքովիչի փաստաբանները դիմած են դատարան` բողոքելու համար այս որոշումին դէմ: Ինչպէս ծանօթ է, Ճոքովիչ քանի մը օր առաջ հասաւ Մելպուրն` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Աւստրալիոյ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անիպալ Զահլէ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անիպալ Զահլէ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 14 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Անիպալ Զահլէն: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:45-ին: Այսօրուան այս մրցումը բաւական կարեւոր է ՀՄԸՄ-ի համար` յաղթանակ արձանագրելու նպատակով, նկատի ունենալով, որ երկու կազմերն ալ արձանագրած են մէկական յաղթանակ...

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն.  Բ. Հանգրուանին Յաղթանակ Արձանագրեց  Միայն Զաւէն Անդրէասեան

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Բ. Հանգրուանին Յաղթանակ Արձանագրեց Միայն Զաւէն Անդրէասեան

Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ կը շարունակուին Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան հանդիպումները: Աղջկանց Բ. հանգրուանի մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեցին Աստղիկ Յակոբեան, Սուսաննա Գաբոյեան, Նարէ Առաքելեան եւ Վերոնիքա Խաչատրեան: Այս հանգրուանէն ետք այժմ առաւելագոյն երկու կէտը ապահոված են Նարէ Առաքելեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան: Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցաշարքին, այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց միայն Զաւէն Անդրէասեան: Այս հանգրուանէն ետք այժմ 1,5-ական...

Թենիս.  Էլինա Աւանեսեան Հասաւ Աւստրալիոյ Բաց  Ախոյեանութեան Որակաւորման  Վերջին Հանգրուանին

Թենիս. Էլինա Աւանեսեան Հասաւ Աւստրալիոյ Բաց Ախոյեանութեան Որակաւորման Վերջին Հանգրուանին

Ռուսիան ներկայացնող թենիսվումըն Էլինա Աւանեսեան երէկ յաջողեցաւ հասնիլ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց ախոյեանութեան որակաւորման վերջին հանգրուանին: 19 տարեկան Աւանեսեան, որ երէկ կիսաւարտականին մրցեցաւ ուքրանացի Քաթերինա Պայնտլիի դէմ, արձանագրեց 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը: Որակաւորման արգելքը յաղթահարելու համար ան այսօր աւարտականին պիտի մրցի Ուքրանիոյ մէկ այլ ներկայացուցիչին` Լեսիա Ցուրենքոյի դէմ: Նշենք, որ ներկայիս աղջկանց միջազգային դասաւորման մէջ Աւանեսեան...

Եուրա Մովսիսեան Ցուցադրական Մրցում Մը  Պիտի Կատարէ Քալիֆորնիոյ Մէջ

Եուրա Մովսիսեան Ցուցադրական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Քալիֆորնիոյ Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան յառաջիկայ մարտին Քալիֆորնիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) պիտի կատարէ եռօրեայ ցուցադրական մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 2009-ի ծնունդ ֆութպոլիստները, այս մասին յայտնեց «Արմինիըն Ֆութպոլ Կրուփ»-ը: Այս մրցումին ծիրին մէջ, այդ ֆութպոլիստները կարելիութիւն պիտի ունենան շփուելու մարզիչներու եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ յառաջիկային անոնցմէ շատերը կրնան միանալ Հայաստանի ֆութպոլի պատանեկան...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արամ Ոսկանեան Դարձեալ  Գլխաւորեց Ալաշկերտը

Հայկական Ֆութպոլ. Արամ Ոսկանեան Դարձեալ Գլխաւորեց Ալաշկերտը

Ալաշկերտ Երեւան ֆութպոլի ակումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Արամ Ոսկանեան դարձեալ նշանակուեցաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ: Ոսկանեանի մարզչական կազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Մանուկ Սարգսեան եւ Հայկ Ոսկանեան: Նշենք, որ 46 տարեկան Ոսկանեան 2017-2019 ժամանակամիջոցին եւս գլխաւորած է Ալաշկերտը: Անոր գլխաւորութեամբ Ալաշկերտ իր փորձերուն կը վերսկսի 15 յունուարին: Ալաշկերտի եւ սերպ մասնագէտներ Միլան Միլանովիչի եւ Վլատիմիր Փրոչիքեւիչի միջեւ ստորագրուած պայմանագրութիւնը...

Վարազդատ Հարոյեան Վերսկսաւ  Իր Փորձերուն

Վարազդատ Հարոյեան Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ սպանական Քատիսի մաս կազմող յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան ապաքինած ըլլալով «Քորոնա» ժահրէն, վերսկսաւ իր փորձերուն, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ հայ ֆութպոլիստը ածիլեց նաեւ իր գլուխը: Անոր կազմը այժմ կը պատրաստուի Սփորթինկ Խիխոնի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումին:  

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի  Մրցաշարք.  Ռէալ Մատրիտ Հասաւ Աւարտականին

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ Հասաւ Աւարտականին

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին Պարսելոնա - Ռէալ Մատրիտ ճակատումը աւարտեցաւ մատրիտեան կազմին յաղթանակով, որ երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմին` Ռէալ Մատրիտի յաղթանակի կոլը նշանակեց ուրուկուէյցի միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէ` 98-րդ վայրկեանին: Ռէալի մնացեալ երկու կոլերը նշանակեցին Վինիսիուս Ժունիոր (25-րդ) եւ Քարիմ...

Ինթեր Միլան` Իտալիոյ  Ֆութպոլի Գերբաժակակիր

Ինթեր Միլան` Իտալիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակակիր

Իտալիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Ինթեր Միլան տիրացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին` երկարաձգումէն ետք 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Եուվենթուսի դէմ: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ: Ինթերի յաղթական կոլը նշանակեց չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչես` 120+1-րդ վայրկեանին: Լաութարօ Մարթինես նշանակեց Ինթերի առաջին կոլը (35-րդ` փենալթիով), մինչ Եուվէի կոլը` Ուեսթըն Մաքենի (25-րդ): Այսպիսով, միլանեան քաղաքի կազմը 6-րդ անգամ ըլլալով...

Ուեսթ Համ Իր 22 Տարեկան Ֆութպոլիստին  Փոխանցումէն Կ’ակնկալէ 240 Միլիոն Եւրօ

Ուեսթ Համ Իր 22 Տարեկան Ֆութպոլիստին Փոխանցումէն Կ’ակնկալէ 240 Միլիոն Եւրօ

Լոնտոնեան Ուեսթ Համին մաս կազմող 22 տարեկան անգլիացի միջնապահ Տեքլան Ռայս շատ հաւանաբար այլ կազմի մը միանայ: Նշուեցաւ, որ ներկայիս ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի: Եթէ պատահի, որ ան այլ կազմի մը միանայ, անոր ակումբը այդ փոխանցումէն կ՛ակնկալէ 240 միլիոն եւրօ շահ մը: Ռայս, որ Ուեսթ Համի սան է, ընթացիկ տարեշրջանին իր կազմին կատարած բոլոր` 26 մրցումներուն մասնակցեցաւ`...

Ճատրակ.  Ճիօ Գալուստ Հանդիսացաւ Առաջին`  Սայտայի Մրցաշարքին

Ճատրակ. Ճիօ Գալուստ Հանդիսացաւ Առաջին` Սայտայի Մրցաշարքին

Նախորդ շաբաթավերջին Սայտայի մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի ձմեռնային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ լիբանանցի բազմաթիւ մարզիկներու: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երկու հայեր` Ճիօ եւ Կի Գալուստ եղբայրները: Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ ըստ անոնց գրաւած դիրքերուն: Ճիօ Գալուստ, արձանագրելով հինգ յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը, հանդիսացաւ  առաջին: Տիտղոսին  տիրանալով` Ճիօ Գալուստ, որ ունէր 1748 վարկանշային կէտ, անոնց վրայ աւելցուց 17,5 կէտ: Իսկ Կի Գալուստ...

Թեքուանտօ-Փումսէյ.  Ալեակ Սարգիս Հանդիսացաւ Երկրորդ` Սէուտական  Արաբիոյ Աղջկանց Երկրորդ Ախոյեանութեան

Թեքուանտօ-Փումսէյ. Ալեակ Սարգիս Հանդիսացաւ Երկրորդ` Սէուտական Արաբիոյ Աղջկանց Երկրորդ Ախոյեանութեան

Կազմակերպութեամբ Սէուտական Արաբիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնին եւ հսկողութեամբ Սէուտական Արաբիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, յունուար ամսուան սկիզբը տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ աղջկանց Փումսէյ մարզաձեւի (թեքուանտօ) 2-րդ ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ մարզիկներու: Անոր իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ լիբանանահայ Ալեակ Սարգիս, որ յաջողեցաւ իր տպաւորիչ եւ բացառիկ ներկայացումին պատճառով հանդիսանալ փոխախոյեան: Ան այսպիսով հանդիսացաւ առաջին լիբանանահայը, որ մրցանակային դիրք կը գրաւէ Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան...

Գեղասահք. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Սլաւիկ Հայրապետեան Յաղթահարեց  Որակաւորման Շեմը

Գեղասահք. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Սլաւիկ Հայրապետեան Յաղթահարեց Որակաւորման Շեմը

Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սլաւիկ Հայրապետեան մենասահքի կարճ ծրագիրին մէջ գրաւեց  19-րդ դիրքը: Ան ապահովեց 67,75 կէտ եւ յաղթահարեց որակաւորման շեմը` իրաւունք ստանալով մասնակցելու նաեւ ազատ ծրագիրին, որ տեղի պիտի ունենայ 14 յունուարին: Առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին ռուս մարզիկները: 33 մասնակիցներէն պայքարը կը շարունակեն միայն 24-ը:  

Պասքեթպոլ.  Հայաստանի 20 Տարեկանէն Վար Աղջկանց  Հաւաքականը Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 20 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Հաւաքականը Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 20 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սուրէն Արզումանեան: 53 տարեկան մասնագէտը աւելի քան 30 տարուան մարզչական փորձառութիւն ունի: Ան 2018-ի ամրան եղած էր նաեւ Հայաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականի մարզիչի օգնական: Իսկ 2021-ին անոր գլխաւորութեամբ Հայաստանի 16 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը գրաւեց երրորդ դիրքը` Եւրոպայի ախոյեանութեան «Չելընճ» մրցաշարքի...

Թենիս.  Կարէն Խաչանով Ապահովեց Քառորդ  Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Կարէն Խաչանով Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ատըլայտի (Աւստրալիա) թենիսի միջազգային Բ. մրցաշարքին, յաջողեցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Ան 1 ժամ եւ 10 վայրկեանի ընթացքին 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իտալացի Ճիանլուքա Մակերի դէմ: Քառորդ աւարտականին ան իրեն մրցակից պիտի ունենայ ֆրանսացի Արթիւր Ռինտերքնեխը: Նշենք, որ Խաչանով նախորդ շաբաթ նոյն...

54 Տարեկան Ֆութպոլիստ Միուրայի  Բացառիկ Իրագործումը

54 Տարեկան Ֆութպոլիստ Միուրայի Բացառիկ Իրագործումը

Ճափոնցի 54 տարեկան ֆութպոլիստ Քացույոսի Միուրա շուտով պիտի թեւակոխէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին 37-րդ տարեշրջանը: Միջնապահ Միուրա, որ հեռացաւ Ճափոնի բարձրագոյն լիկան ներկայացնող Եոքոհամայէն, յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Դ. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Սուզուքա Փոյնթ Կեթերսի հետ, այս մասին յայտնեց վերջինիս ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ակումբին նախագահը Միուրայի եղբայրն է: Սուզուքա պիտի ըլլայ Միուրայի արհեստավարժ ասպարէզին 15-րդ ակումբը: Միուրա Ճափոնի...

Թոնի Քրուս. «Կը Փափաքիմ Ֆութպոլիստի  Արհեստավարժ Ասպարէզս Աւարտել  Ռէալ Մատրիտի Հետ»

Թոնի Քրուս. «Կը Փափաքիմ Ֆութպոլիստի Արհեստավարժ Ասպարէզս Աւարտել Ռէալ Մատրիտի Հետ»

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող գերմանացի միջնապահ Թոնի Քրուս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մեծ յոյսով է եւ կը փափաքի, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտէ արքայական ակումբին հետ: Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023: Ան ըսաւ, որ մինչեւ իր պայմանագրութեան աւարտը պիտի ըլլայ 33 տարեկան, որմէ ետք կրնայ մտածել, թէ ի՛նչ պիտի վճռէ իր ապագային ուղղութեամբ: Ֆութպոլիստը...

Քութինիօ Պաշտօնապէս Ներկայացուեցաւ  Իբրեւ Ասթոն Վիլայի Ֆութպոլիստ

Քութինիօ Պաշտօնապէս Ներկայացուեցաւ Իբրեւ Ասթոն Վիլայի Ֆութպոլիստ

«Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Ասթոն Վիլա ֆութպոլի ակումբը պաշտօնապէս ներկայացուց իր նոր ֆութպոլիստը` պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիոն: 29 տարեկան Քութինիօ մինչեւ 2021-2022 տարեշրջանին աւարտը Պարսելոնայէն փոխ տրուեցաւ Ասթոն Վիլային: Տարեշրջանի աւարտին պիրմինկհեմեան ակումբը շատ հաւանաբար պաշտօնապէս ձեռք ձգէ ֆութպոլիստի ստորագրութիւնը: Ան այս տարեշրջանին Պարսելոնայի հետ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կատարեց 12 մրցում` նշանակելով 2 կոլ: Շատ հաւանաբար ան...

Page 432 of 1280 1 … 431 432 433 … 1,280

Արխիւներ