Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 20 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սուրէն Արզումանեան:
53 տարեկան մասնագէտը աւելի քան 30 տարուան մարզչական փորձառութիւն ունի:
Ան 2018-ի ամրան եղած էր նաեւ Հայաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականի մարզիչի օգնական:
Իսկ 2021-ին անոր գլխաւորութեամբ Հայաստանի 16 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը գրաւեց երրորդ դիրքը` Եւրոպայի ախոյեանութեան «Չելընճ» մրցաշարքի Ե. խմբակին մէջ:
Նշենք, որ անոր գլխաւորութեամբ Հայաստանի 20 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը պիտի մասնակցի Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 9-17 յուլիսին` Մակեդոնիոյ մէջ:
Այստեղ պէտք է անդրադառնալ այն կարեւոր կէտին, որ ան հայազգի միակ իրաւարարը եղած է` «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մէջ: