Մարզական

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»  Լոս Անճելըս Լէյքըրզի Յաղթանակը Եւ Լեպրոն Ճէյմսի Մրցանիշը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.» Լոս Անճելըս Լէյքըրզի Յաղթանակը Եւ Լեպրոն Ճէյմսի Մրցանիշը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, արձանագրեց 101-95 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն տպաւորիչ ելոյթ ունենալով 25 կէտ, 7 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ նշանակեց անուանի խաղացող Լեպրոն Ճէյմս: Այս ցուցանիշին շնորհիւ Լեպրոն Ճէյմս յաջողեցաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով մրցանիշ հաստատել` նկատի ունենալով,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս-Հուփս Մրցումով Այսօր Կը Սկսին Դարձի Մրցումները

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս-Հուփս Մրցումով Այսօր Կը Սկսին Դարձի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները կը սկսին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ Պիպլոս-Հուփս 12-րդ հանգրուանի բացման մրցումը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:30-ին: Անոնց միջեւ երթի մրցումը աւարտեցաւ Հուփսի յաղթանակով (85-62):    

Ճատրակ.  Մանուէլ Պետրոսեան` Միանձնեայ Յառաջատար

Ճատրակ. Մանուէլ Պետրոսեան` Միանձնեայ Յառաջատար

Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ կը շարունակուին Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի ախոյեանութեան մրցումները: 6-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, ընդհանուր դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքը միանձնեայ կը գրաւէ Մանուէլ Պետրոսեան: Սակայն աղջկանց պարագային  երկիշխանութիւն է` նկատի ունենալով, որ Սուսաննա Գաբոյեան եւ Մարիամ Մկրտչեան ապահոված են 4,5-ական կէտ:  

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Կարէն Խաչանովի Եւ Ռաֆայէլ Նատալի Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Կարէն Խաչանովի Եւ Ռաֆայէլ Նատալի Յաղթական Մեկնարկը

Երէկ` երկուշաբթի, 17 յունուարին մեկնարկը տրուեցաւ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ եղող տղոց եւ աղջկանց Ա. հանգրուանի մրցումները: Հայկական արմատներով ռուս թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ այս մրցաշարքին դասուած է 28-րդ, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` 3-6, 6-3, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ամերիկացի Տենիս Քուտլան: Անոնց միջեւ այս...

Թենիս.  Նովաք Ճոքովիչ Վերադարձաւ Պելկրատ

Թենիս. Նովաք Ճոքովիչ Վերադարձաւ Պելկրատ

Մուտքի վիզայի խախտման համար Աւստրալիայէն վտարուած աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ երէկ վերադարձաւ հայրենիք: Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատ հասնելէն ետք, Ճոքովիչ հրաժարեցաւ որեւէ մեկնաբանութիւն կատարել: Աւստրալիոյ ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Ճոքովիչին երեք տարի կ՛արգիլուի Աւստրալիոյ հողերէն ներս մուտք գործել: Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 9 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած Ճոքովիչ Աւստրալիա հասած էր առանց...

Լեւանտովսքի Գերազանցեց Մեսսիի  Եւ Ռոնալտոյի Մրցանիշները

ՖԻՖԱ. Ռոպերթ Լեւանտովսքի` Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Երէկ` երկուշաբթի, 17 յունուարին տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի տարուան լաւագոյն մարզիկի ընտրութիւնը: Քուէարկութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն մարզիչները, խմբապետները եւ մարզական լրագրողներ: Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի: Իսկ աղջկանց պարագային լաւագոյնը ճանչցուեցաւ Պարսելոնայի միջնապահ Ալեքսիա Փութելաս:

Եիւրկըն Քլոփի 350-րդ Մրցումը` Լիվըրփուլի Հետ

Եիւրկըն Քլոփի 350-րդ Մրցումը` Լիվըրփուլի Հետ

Գերմանացի անուանի եւ փորձառու մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր 350-րդ մրցումը` Լիվըրփուլի հետ: Անոր կազմը Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Պրենթֆորտի դէմ: Նշենք, որ ան Լիվըրփուլ ժամանեց 2015-ին: Անոր կազմը այժմ կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը (45 կէտ): Առաջին դիրքին վրայ է Մանչեսթըր Սիթի (56 կէտ), մինչ երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի...

Տեմպելէ Հրաժարեցաւ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրելէ Պարսելոնայի Հետ

Տեմպելէ Հրաժարեցաւ Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրելէ Պարսելոնայի Հետ

Պարսելոնայի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ հրաժարեցաւ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: 24 տարեկան ֆութպոլիստը այս ամառ կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած խումբին: Տեմպելէով ցարդ հետաքրքրուած են Եուվենթուս, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի:

Հաալանտի Ժամանումը Կրնայ Պատճառ Դառնալ Պենզեմայի Մեկնումին

Հաալանտի Ժամանումը Կրնայ Պատճառ Դառնալ Պենզեմայի Մեկնումին

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսին յայտնած է, որ եթէ ակումբը յաջողի ձեռք ձգել Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ` Էրլինկ Հաալանտը, ինք առանց վայրկեան մը իսկ տատամսելու պիտի հեռանայ խումբէն: Իսկ եթէ պատահի հակառակը, եւ արքայական ակումբը յաջողի ձեռք ձգել Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող իր հայրենակիցը` Քիլիան Էմպափէն, ինք պիտի մնայ խումբին հետ:...

Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակակիր` 12-րդ Անգամ Ըլլալով

Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակակիր` 12-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) իր աւարտին հասաւ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ռէալ Մատրիտի եւ Աթլեթիք Պիլպաոյի միջեւ: Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմը` Ռէալ Մատրիտ, տիրացաւ տիտղոսին, արձանագրելէ ետք 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ 12-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Մրցանիշը կը պատկանի Պարսելոնային (13 անգամ): Մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Լուքա Մոտրիչ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ-Ռիատի Մրցումով Աւարտեցան Երթի Մրցումները

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ-Ռիատի Մրցումով Աւարտեցան Երթի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 16 յունուարին Տիք Մըհտիի իր դաշտին վրայ Շանվիլ հիւրընկալեց Ռիատին: Երթի մրցումները աւարտեցան Ռիատիի յաղթանակով, որ 90-71 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամիր Սէուտ (21 կէտ):  

Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնը Գուժեց Մոհամետ Ժաուիշի Մահը

Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնը Գուժեց Մոհամետ Ժաուիշի Մահը

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ճատրակի ընտանիքը կորսնցուց  պատանի ճատրակ խաղացող Մոհամետ Ժաուիշը, որ երկու տարի պայքարելէ ետք քաղցկեղի հիւանդութեան դէմ, մահացաւ 16 տարեկան հասակին: Ան Լիբանանի տարիքային տարբեր դասակարգերու  ախոյեանութիւններուն տիրացած է բազմաթիւ առաջնութիւններու: Անոր հայրը` Ալի, մաս կը կազմէ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, մինչ անոր եղբայրը` Ամրօ, բազմաթիւ առիթներով հանդիսացած է Լիբանանի ախոյեան: Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց հանգուցեալ ախոյեանի...

Ճատրակ.  Մանուէլ Պետրոսեան` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Ճատրակ. Մանուէլ Պետրոսեան` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Երէկ` կիրակի, 16 յունուարին տեղի ունեցան Հայաստանի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Տղոց մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեցին Մանուէլ Պետրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Տիգրան Պետրոսեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան: Այս հանգրուանէն ետք, այժմ պարագլուխի դիրքը 3,5 կէտով կը գրաւէ Մանուէլ Պետրոսեան: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, յաղթանակ արձանագրեցին` Սուսաննա Գաբոյեան, Մարիամ Մկրտչեան, Մարիա Գէորգեան եւ Մարիամ Աւետիսեան: Այժմ առաջին դիրքին վրայ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արարատ-Երեւան Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ-Երեւան Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Արարատ-Երեւան վերադառնալով արձակուրդէն ուրբաթ, 14 յունուարին Ձորաղբիւրի մարզահամալիրին մէջ սկսաւ նախապատրաստուելու Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկրորդ բաժինին: 2022 տարուան առաջին փորձը խումբը կատարեց Էտկար Թորոսեանի գլխաւորութեամբ: Ան իրեն օգնական ունեցաւ մարզիչներ Ռաֆայէլ Սաֆարեանն ու Ալեքսանտր Պետրոսեանը: Ֆութպոլիստները նախ փորձեր կատարեցին արուեստական խոտածածկով դաշտի վրայ, ապա իրենց փորձերը շարունակեցին մարզահամալիրին մէջ: Յառաջիկայ շաբաթ Արարատ...

Թենիս.  Էլինա Աւանեսեան Պարտուեցաւ Որակաւորման  Հանգրուանի Աւարտականին

Թենիս. Էլինա Աւանեսեան Պարտուեցաւ Որակաւորման Հանգրուանի Աւարտականին

Ռուսահայ Էլինա Աւանեսեան չյաջողեցաւ ապահովել Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին մասնակցութեան իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ ան որակաւորման աւարտական հանգրուանի մրցումին պարտութիւն կրեց: 19 տարեկան հայ մարզիկը, որ մրցեցաւ միջազգային դասաւորման 120-րդ դիրքը գրաւող ուքրանացի Լեսիա Ցուրենքոյի դէմ, անկէ կրեց 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Նշենք, որ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ. »-ի միջազգային դասաւորման մէջ Աւանեսեան կը գրաւէ...

Թենիս.  Էնտի Միւրէյ 2 Տարուան Մէջ Առաջին  Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտականին

Թենիս. Էնտի Միւրէյ 2 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտականին

Նախապէս աշխարհի տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող անգլիացի Էնտի Միւրէյ, Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.»-ի թենիսի մրցաշարքին գծով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Ան կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 6-7, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 4-րդ դասուած ամերիկացի Ռէյլի Օփելքայի դէմ: Աւարտականին ան այսօր իր դէմ պիտի ունենայ մրցաշարքին թիւ 1 դասուած մարզիկը`...

«Պունտըսլիկա».  Լեւանտովսքի 300 Կոլ Նշանակած Երկրորդ Ֆութպոլիստը

«Պունտըսլիկա». Լեւանտովսքի 300 Կոլ Նշանակած Երկրորդ Ֆութպոլիստը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան` Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի նախորդ շաբաթավերջին Քէօլնի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-0) կերտեց իր կազմին յաղթանակը` դառնալով հեթրիքի հեղինակ: 33 տարեկան ֆութպոլիստը, այսպիսով դարձաւ «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան երկրորդ ֆութպոլիստը, որ կը նշանակէ 300 կոլ: Անոր համար այս ցուցանիշին հասնելու համար պահանջուեցաւ 369 մրցում: Մրցանիշը կը պատկանի անցեալին Պայէրն Միւնիխին մաս կազմած, նախորդ տարի մահացած 75...

Էվըրթըն Պաշտօնանկ Ըրաւ Ռաֆայէլ Պենիթեսին

Էվըրթըն Պաշտօնանկ Ըրաւ Ռաֆայէլ Պենիթեսին

Լիվըրփուլ քաղաքի Էվըրթըն ֆութպոլի ակումբը երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` սպանացի Ռաֆայէլ Պենիթեսը, խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, նախորդ շաբաթավերջին Էվըրթըն իր դաշտին վրայ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` վտանգաւոր դիրքի վրայ գտնուող Նորուիչէն: 19 մրցում կատարած Էվըրթըն այժմ 19 կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման 16-րդ դիրքը: Ռաֆայել Պենիթես նախորդ յունիս 2021-ին նշանակուած...

Նանի Կը Վերադառնայ «Քալչիօ»

Նանի Կը Վերադառնայ «Քալչիօ»

Իտալական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Լուիս Նանի կը վերադառնայ «Քալչիօ»: Նշուեցաւ, որ ան արդէն իսկ կը գտնուի Իտալիա, ուր պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու, որմէ ետք պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Վենեցիայի հետ: Ան արդէն իսկ բաւական ծանօթ է իտալական դաշտերուն` նկատի ունենալով, որ անցեալին մաս կազմած է Լացիօ Ռոմային:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը  Աւարտեց Երթի Մրցումները

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Աւարտեց Երթի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Անիպալ Զահլէ մրցումը: Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի տպաւորիչ յաղթանակով, որ 87-76 (19-16, 20-14, 24-14 եւ 24-32) արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Այս յաղթանակը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ տարեշրջանի երկրորդը (8...

Page 431 of 1280 1 … 430 431 432 … 1,280

Արխիւներ