Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ կը շարունակուին Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան հանդիպումները:
Աղջկանց Բ. հանգրուանի մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեցին Աստղիկ Յակոբեան, Սուսաննա Գաբոյեան, Նարէ Առաքելեան եւ Վերոնիքա Խաչատրեան:
Այս հանգրուանէն ետք այժմ առաւելագոյն երկու կէտը ապահոված են Նարէ Առաքելեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան:
Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցաշարքին, այս հանգրուանին յաղթանակ արձանագրեց միայն Զաւէն Անդրէասեան:
Այս հանգրուանէն ետք այժմ 1,5-ական կէտ ապահոված են Դաւիթ Շահինեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Զաւէն Անդրէասեան: