Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ատըլայտի (Աւստրալիա) թենիսի միջազգային Բ. մրցաշարքին, յաջողեցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Ան 1 ժամ եւ 10 վայրկեանի ընթացքին 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իտալացի Ճիանլուքա Մակերի դէմ:
Քառորդ աւարտականին ան իրեն մրցակից պիտի ունենայ ֆրանսացի Արթիւր Ռինտերքնեխը:
Նշենք, որ Խաչանով նախորդ շաբաթ նոյն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ա. մրցաշարքին հասաւ մինչեւ աւարտական, ուր սակայն պարտուեցաւ ֆրանսացի Կայէլ Մոնֆիսէն (4-6 եւ 4-6):