Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 14 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Անիպալ Զահլէն:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:45-ին:
Այսօրուան այս մրցումը բաւական կարեւոր է ՀՄԸՄ-ի համար` յաղթանակ արձանագրելու նպատակով, նկատի ունենալով, որ երկու կազմերն ալ արձանագրած են մէկական յաղթանակ եւ կրած 8-ական պարտութիւն:
ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ 10-րդ դիրքը, մինչ Անիպալ Զահլէ` 11-րդ եւ վերջին դիրքը: