Լոնտոնեան Ուեսթ Համին մաս կազմող 22 տարեկան անգլիացի միջնապահ Տեքլան Ռայս շատ հաւանաբար այլ կազմի մը միանայ:
Նշուեցաւ, որ ներկայիս ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի:
Եթէ պատահի, որ ան այլ կազմի մը միանայ, անոր ակումբը այդ փոխանցումէն կ՛ակնկալէ 240 միլիոն եւրօ շահ մը:
Ռայս, որ Ուեսթ Համի սան է, ընթացիկ տարեշրջանին իր կազմին կատարած բոլոր` 26 մրցումներուն մասնակցեցաւ` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 4 էսիսթ:
Իսկ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան մասնակցած է 27 մրցումի եւ նշանակած 2 կոլ:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:



