Նախորդ շաբաթավերջին Սայտայի մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի ձմեռնային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ լիբանանցի բազմաթիւ մարզիկներու:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երկու հայեր` Ճիօ եւ Կի Գալուստ եղբայրները:
Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ ըստ անոնց գրաւած դիրքերուն:
Ճիօ Գալուստ, արձանագրելով հինգ յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը, հանդիսացաւ առաջին:
Տիտղոսին տիրանալով` Ճիօ Գալուստ, որ ունէր 1748 վարկանշային կէտ, անոնց վրայ աւելցուց 17,5 կէտ:
Իսկ Կի Գալուստ գրաւեց երկրորդ դիրքը իր տարիքային դասաւորման մէջ` արձանագրելով չորս յաղթանակ եւ կրելով երկու պարտութիւն:



