Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սլաւիկ Հայրապետեան մենասահքի կարճ ծրագիրին մէջ գրաւեց 19-րդ դիրքը:
Ան ապահովեց 67,75 կէտ եւ յաղթահարեց որակաւորման շեմը` իրաւունք ստանալով մասնակցելու նաեւ ազատ ծրագիրին, որ տեղի պիտի ունենայ 14 յունուարին:
Առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին ռուս մարզիկները:
33 մասնակիցներէն պայքարը կը շարունակեն միայն 24-ը: