Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող գերմանացի միջնապահ Թոնի Քրուս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մեծ յոյսով է եւ կը փափաքի, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտէ արքայական ակումբին հետ:
Անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023:
Ան ըսաւ, որ մինչեւ իր պայմանագրութեան աւարտը պիտի ըլլայ 33 տարեկան, որմէ ետք կրնայ մտածել, թէ ի՛նչ պիտի վճռէ իր ապագային ուղղութեամբ:
Ֆութպոլիստը 2014-ին Պայէրն Միւնիխէն միացաւ մատրիտեան կազմին: