Ռուսիան ներկայացնող թենիսվումըն Էլինա Աւանեսեան երէկ յաջողեցաւ հասնիլ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց ախոյեանութեան որակաւորման վերջին հանգրուանին:
19 տարեկան Աւանեսեան, որ երէկ կիսաւարտականին մրցեցաւ ուքրանացի Քաթերինա Պայնտլիի դէմ, արձանագրեց 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Որակաւորման արգելքը յաղթահարելու համար ան այսօր աւարտականին պիտի մրցի Ուքրանիոյ մէկ այլ ներկայացուցիչին` Լեսիա Ցուրենքոյի դէմ:
Նշենք, որ ներկայիս աղջկանց միջազգային դասաւորման մէջ Աւանեսեան կը գրաւէ 214-րդ դիրքը:



