«Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Ասթոն Վիլա ֆութպոլի ակումբը պաշտօնապէս ներկայացուց իր նոր ֆութպոլիստը` պրազիլցի միջնապահ Ֆիլիփ Քութինիոն:
29 տարեկան Քութինիօ մինչեւ 2021-2022 տարեշրջանին աւարտը Պարսելոնայէն փոխ տրուեցաւ Ասթոն Վիլային:
Տարեշրջանի աւարտին պիրմինկհեմեան ակումբը շատ հաւանաբար պաշտօնապէս ձեռք ձգէ ֆութպոլիստի ստորագրութիւնը:
Ան այս տարեշրջանին Պարսելոնայի հետ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով կատարեց 12 մրցում` նշանակելով 2 կոլ:
Շատ հաւանաբար ան 15 յունուարին կրէ իր նոր ակումբին շապիկը` Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ կատարուելիք մրցումին: